Նորութիւն, թրթիռ, եւ «առածին չափ» երեւակայութիւն…

 

Ընթերցողի միտքը եւ ուշադրութիւնը լարող գիրքեր՝ որակեալ պատկերազարդումներով, նոր նիւթեր՝ նորովի, երկեր, որոնց մէջ պզտիկները կրնան իրենք զիրենք տեսնել, բայց որոնք նաեւ անոնց համար պատուհան կը բանան դէպի դուրսի աշխարհը, որոնք զարկ կու տան անոնց երեւակայութեան… «Քոթոթ» հրատարակութիւնը հաճո՛յք-ընթերցումներ կ՚առաջարկէ՝  արեւմտահայերէնով։

Հայերէնով «քոթոթ» կ՚ըսեն արջի ձագին...
«քոթոթ» կ՚ըսեն նաեւ սիրելի անձին։