Բառերու եւ նկարներու մեծ գիրքը
Բառերու եւ նկարներու մեծ գիրքը
Գրութիւն եւ նկարներ՝ Օլը Քէօննըքը
	Բնագիրին վերնագիրը՝ Das große Buch der Bilder und Wörteր
	Թարգմանութիւն՝ Շաղիկ եւ Յասմիկ Շահինեան
	Պատկերազարդումի պատշաճեցում հայերէն լեզուին՝ Խաժակ Աբելեան
Արեւմտահայերէն
	Ծախու գինը՝ 22 €
	26 x 34 սմ, խաւաքարտէ գիրք
	24 էջ, գունաւոր տպագրութիւն
	ISBN 978-2-9542615-4-6
	740 կմ
Ինչե՜ր կան այս գիրքին մէջ... Տունը՝ իր սենեակներով եւ զանազան առարկաներով, դուրսի աշխարհը՝ ինքնաշարժներով, օդանաւերով եւ նաւերով, բնութիւնը՝ բոյսերով եւ կենդանիներով... Կան նաեւ երաժշտութիւն նուագողներ եւ մարզանք ընողներ, կամ խաղավայրին մէջ խաղացողներ... Ամբողջ մանկական աշխարհ մը՝ պահուըտած պատմութիւններով եւ հաճելի անակնկալներով:
Օլը Քէօննըքը-ին ստեղծած Das große Buch der Bilder und Wörter գիրքը թարգմանուած է անգլերէնի, պասկերէնի, քաթալոներէնի, չինարէնի, քորէերէնի, դանիերէնի, սպաներէնի, ֆիններէնի, ֆրանսերէնի, եբրայերէնի, իտալերէնի, հոլանտերէնի, նորվեկերէնի, լեհերէնի, ռուսերէնի, շուէտերէնի... եւ հիմա՝ հայերէնի, իւրայատուկ պատշաճեցումով:
Մեր գիրքերը գնել
