Մեր հեղինակները
|
Ալիք ԱրզումանեանՊատկերազարդող Ալիք Արզումանեանը Քամպրիճ (ԱՄՆ) կ’ապրի։ Պատկերազարդած է մանկապատանեկան բազմաթիւ գիրքեր, որոնք լոյս տեսած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, Մեծն Բրիտանիոյ, Հարաւային Ափրիկէի եւ Լիբանանի մէջ։ Այժմ կ’աշխատի դդումով պատրաստուող հայկական «Ղափամա» ճաշատեսակին մասին պատկերազարդ գիրքի մը պատրաստութեան վրայ։ |
|
Յասմիկ ՇահինեանԵրբ որ պզտիկ աղջիկ էր, Յասմիկ Շահինեանը կարդալ շատ կը սիրէր, բայց զինք հետաքրքող հայերէն գիրքեր շատ չէր գտներ։ Յետագային ան իր տոքթորական աւարտաճառին նիւթը ընտրեց հայերէն մանկապատանեկան գրականութիւնը՝ յատկապէս Լիբանանի, Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ հայ պզտիկներու ընթերցանական ցանկութիւնները ուսումնասիրելով: Ան հիմնեց «Քոթոթ» հրատարակչատունը՝ հայերէն մանկապատանեկան որակեալ գիրքեր առաջարկելու նպատակով, գիրքեր, որոնք շատ պիտի ուզէր որ պզտիկ եղած ատենը կարդացած ըլլար… և որոնք մեծ հաճոյքով կը ստեղծէ այսօր։ |
|
Տաւիտ ՓինթորՏաւիտ Փինթորը միջազգային ճանաչում ունեցող Սպանացի նկարազարդող մըն է, որ կ՚ապրի ծովեզերքը, Կալիսիոյ մէջ։ Ան գիրքեր կը նկարազարդէ, կը գործակցի օրաթերթերու հետ եւ ցուցահանդէսներ կը կազմակերպէ աշխարհի չորս կողմերը։ Իր գործերը մի քանի անգամ մաս կազմած են Պոլոնիայի գիրքերու միջազգային ցուցահանդէսի Նկարազարդումի ցուցադրութեան, ինչպէս նաեւ Պրադիսլավիոյ նկարազարդումի երկամեայ ցուցահանդէսին։ Իր գիրքերը երեք անգամ տեղ գրաւած են Ուայդ Րէյվնզի ցանկին մէջ։ Տաւիտը կը սիրէ ճամբորդել դէպի հեռաւոր երկիրներ եւ միշտ տետրակ մը ունի պայուսակին մէջ, որովհետեւ չի գիտեր ե՛րբ գիրքի մը համար լաւ գաղափար մը պիտի ունենայ... |